Կոստանդնուպոլսոյ Հայդարպաշա կայարանի շևջակայքին կատարուած հնագիտական պեղումներով յայտնաբերուեր է հին Քաղկեդոն քաղաքին պատկանող (Քադըքէօյ) գտածոներ: Ան յայտնի է որպէս «Կուրերու երկիր»: Հնագիտական պեղումները կը բացայայտեն շրջանի 2500 տարուայ պատմութիւնը:
Մանրակրկիտ պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուեր են մինչ օրս ճարտարապետական կառոյցներու մնացորդներ, դամբարաններ, հազարաւոր առարկաներ, բաղնիք եւ մօտ 10,000 հատ մետաղադրամ:
Յայտնաբերուեր են նաեւ մնացորդները Ազիզէ-սուրբ Բասսա եկեղեցիին, որ կառուցուեր է Մ.Թ. 5-րդ դարուն:
Եկեղեցիին ներսը գտնուող տարածքին յայտնաբերուեր է 28 մարդու կմախք: