Նոր կորոնավիրուսի ստեղծած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Արցախը պարենային ապահովուածութեան առումով խնդիրներ չունի:
«Արցախպրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ՝ ասոր մասին մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսեր է ԱՀ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը:
Անոր խօսքով՝ թէեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանը փակ է, սակայն ան բաց է բեռնափոխադրումներու համար, եւ ներկրման հետ կապուած որեւէ սահմանափակում չի գործեր:
«Սպառուող ապրանքներուն տեղերը շատ արագ կը վերականգնուին կազմակերպութիւններուն կողմէ, եւ որեւէ ապրանքի պակաս չ՛առաջանար: Գիներու աճ այս պահի դրութեամբ չի նկատուիր՝ բացառութեամբ որոշ բժշկական պարագաներու»,- յատկապէս նշեր է Գրիգորի Մարտիրոսեանը: