«Կոստանդնուպոլիս ջրանցք» նախագիծի ճամբուն վրայ գտնուող փոքր կամուրջներու մասնատման եւ տեղափոխման համար մրցոյթ յայտարարուեր է:
Ինչպէս յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, «Պատմական Օդաբաշը եւ Դուրսունքէօյ կամուրջները պահպանելու եւ յետագայ սերունդներուն փոխանցելու համար ամուր հիմքերը կը մասնատուին ու կը տեղափոխուին այլ վայր, իսկ վնասուած հատուածները կը վերականգնուին»:
Պատմական Օդաբաշը կամուրջը կը գտնուի Քիւչիւկչէքմէջէ kucuk cekmece լիճի հիւսիսին: Դուրսունքէօյ կամուրջը կը գտնուի arnawud koy Արնաուտքէօյի սահմաններուն եղող Դուրսունքէօյ գիւղէն մօտաւորապէս 350 մ հարաւ-արեւելք: