ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնէն կը յայտնեն, որ Մարտի 28-ի ժամը 10։00-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուեր է կորոնավարակով ախտահարման 372 դէպք։ Երեկուայ տուեալներուն համեմատ՝ վարակակիրներուն թիւը աւելցեր է 43-ով։
Առողջացեր է 28 մարդ։ Ներկայիս փաստացի կը բուժուի 343 մարդ։
Գրանցուեր է մահուան 1 դէպք։ Կայացուած 2172 փորձաքննութեան պատասխանը բացասական եղած է: