Արեւմտեան Հայաստանի Մարդինի շրջանին գտնուող հնագոյն Դարա քաղաք-ամրոցը առայժմ հնարաւոր չէ յայտնաբերել, քանի որ չկայ պեղումներու պաշտօնական «թոյլտւութիւն»: Քաղաքը, որն յայտնի է իր պատմական եւ ճարտարապետական կառուցուածքով, կը սպասէ իր յայտնագործման, եւ կը շարունակէ պահպանել հազարաւոր տարիներու իր առեղծուածը:
Վերջին պեղումներուն շնորհիւ օրակարգ մտած հինաւուրց քաղաքը որոշ ուսումնասիրութիւններէ ետք կրկին թաղուեր է լռութեան մէջ: Ան կառուցուեր է հռովմէացիներու կողմէ 500-ական թուականներուն՝ Սասանեաններու դէմ պաշտպանուելու նպատակով եւ յետագային օգտագործուեր է որպէս հին գերեզմանոց:
Հին քաղաքի 12 կիլոմետրնոց հատուածը թաղուած է հողին տակ, ինչը չի բացայայտուիր թոյլտւութեան բացակայութեան պատճառով: