«Զարթիր, լաօ» յատուկ նախագիծը կը շարունակէ գտնել, թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական պատմական ժառանգութենէն ինչ մնացեր է, ովքեր կ’ապրին մեր հարեւանութեամբ, մեր պատմական հողերուն վրայ միայն թիւրքերն ու քիւրդե՞րը, թէ՞ հայկական արմատները կը շարունակեն ծիլեր տալ:
Այսօրուայ Թիւրքիոյ տարածքին է առասպելական Նեմրութ լեռը։ Գագաթին կառուցուած դամբարանն ու արձանախումբը 2150 մետր բարձրութեան վրայ են, ունին աւելի քան 2100 տարուայ պատմութիւն: Անոնք կը թուագրուիմ ՔԱ 69 – 34 թուականներով։ Քանդակուած 8 մետրնոց արձանախումբի մէջտեղը հայր Արամազդի արձանն է, որու մէկ կողմին դրուած են Միհր-Փոաքր Մհերի եւ Արտագնեսի, միւս կողմին՝ Կոմմագենէ երկրի դիւցուհի Մայր Անահիտի եւ Անտիոքոս Ա-ի արձանները։ Թագաւորը պատկերուած է հայոց Տիգրան Մեծի թագով։
Դարերու աւերիչ ձեռքն ազդեցութիւն ունեցեր է նաեւ այստեղ՝ երկրաշարժերու եւ քամիներու միջոցով գլխատելով երբեմնի փառքի արձանները: Հնագետներն ու պատմաբանները Նեմրութի արձանախումբը կը համարեն աշխարհի 8-րդ հրաշալիքը, որ չի զիջիր եգիպտական բուրգերուն, ոչ ալ յունական աստուածներու Ողիմպիական արձաններուն:
Նեմրութը Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր գագաթը չէ, բայց այնտեղէն շատ աւելի պարզ կ’երեւի ամբողջ տարածաշրջանը։ Կարծես Եփրատի աւազանն ընդգրկող հսկայ տարածքն ափիդ մեջ ըլլայ՝ ստիպելով գիտակցիլ, թէ ինչ երկիր է սա, ինչ հող, որու պահպանութեան համար մեր պապերը կեանք չեն խնայած հազարամյակներ շարունակ:
Նեմրութ լեռան ստորոտին են Քահթա եւ Ադիյաման քաղաքները։ Ադիյաման-Խարբերդն ամենաշատ բացայայտ հայ բնակիչ ունեցող վայրերէն մէկն է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին: 1971 թուականի պաշտօնական տուեալներով այնտեղ կ’ապրէր 52 հայ ընտանիք։ Այսօր հայ ընտանիքներուն թիւը Խարբերդի մէջ, կրկին պաշտօնական տուեալներով, կ’անցնի 1600-ը: Այստեղ ծնած են ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հերոս Միսաք Մանուշեանը, արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանը, Թիւրքիոյ հեղինակաւոր երգիչ Ստեփան Իլհան-Եփրեմեանն ու շատ շատերը։
Ադիյաման-Խարբերդը միաժամանակ ցեղասպանութեան օրերուն ամենամեծ համակեդրոնացման ճամբարներէն մէկն էր, ուր կը հաւաքէին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերէն գաղթի ճամբան բռնած հայերը՝ հոնկէ դէպի արաբական անապատներ տանելու կամ պարզապէս ոչնչացնելու համար։ Ֆիզիկական գոյութիւնը պահպանելու համար շատ մը հայեր առերես թրքացեր կամ քրդացեր են, ընդուներ են մահմեդականութիւն։ Այդպիսի հայերէն սերած է Ադիյամանի մէջ ինծի հանդիպած Նեջաթի Բաքըրջըօղլուն։ Ան 2000-ականներուն ոչ միայն վերադարձեր է իր քրիստոնեական արմատներուն, այլեւ գործնական քայլեր ձեռնարկեր է, որ Ադիյամանի մէջ առաքելական եկեղեցի կառուցուի։
«Դեռ մանկուց ուրիշ երեխաները մեզի հայ կ’ըսէին: Այն ժամանակ մենք չէինք հասկնար, թէ այդ ինչ կը նշանակէ, բայց երբ տարիներ անց Սուրիայէն քահանայ մը եկաւ այստեղ ու սկսեցաւ պատմել, թէ ինչ եղեր է 1915-ին ու ինչ ազգ եղեր են հայերը, մենք դարձանք աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ: 100 տարի մենք կռիւ կուտանք հայ մնալու համար: Երեխաներուս հայկական կրթութեան կ’ուղարկեմ, որպէսզի չմոռնան իրենց արմատներոըն մասին։ Եթէ առաջ կը լռէինք ու կը տառապէինք’, այսօր չենք լռեր, չենք վախնար եւ չենք տառապիր»,-կը պատմէ ան` աւելցնելով, որ իրենց համար կրնան ստեղծել այնպիսի խնդիրներ, որ չեն ծագիր ուրիշներու համար:
Ադիյամանցի մէկ այլ հայ Էնվեր Փոլադը բազմիցս ճնշումներոի ենթարկուեր է իր հայկական ինքնութեան մասին բարձրաձայն խօսելուն համար, բայց կը շարունակէ նոյն համառութեամբ՝ միաժամանակ ցաւ ապրելով, որ իրենց նկատմամբ հակասական վերաբերմունք ունին ոչ միայն Թիւրքիոյ բնակիչները, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայերը։
«Մենք այստեղ ծնաժ ենք որպէս հայ, սակայն մեր կամքով չէ, որ շատերս մահմեդական ենք: Մենք այստեղ՝ մեր բնօրրանին մէջ ամեն օր կ’ենթարկուինք հասարակութեան ու իշխանութեան ճնշման։ Նոյնիսկ յուղարկաւորութիւններու ժամանակ տեղի իմամները յաճախ կը խուսափին մեզմէ՝ լաւ իմանալով, որ հայ ենք։ Բայց ի տարբերութիւն միւսներուն, մենք այստեղ մեր սեփական հողին վրայ ենք, մեր հայրենիքին մէջ: Դա է որ մեզի ոյժ կուտայ: Երանի մեր հայրենակիցները մեզ այդպէս ընդունէին»:
Ադիյամանի մէջ, տարբեր տուեալներով, բնակչութեան 15-20 տոկոսն այսօր ունի հայկական ինքնագիտակցութիւն։