ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Աւստրալիացի հանրայայտ լրագրող եւ գերգործիչ, WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը, ով հրատարակեր է հարիւր հազարաւոր գաղտնի փաստաթղութեր Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն վերաբերեալ, տեղեկութիւններ ունի նաեւ Թիւրքիոյ կառավարութեան գաղտնի արխիւներուն վերաբերեալ:
WikiLeaks-ի հիմնադիրը բազմիցս նշեր է հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը: Ասանժն իր թուիթըրեան էջին հրապարակեր է. «Թիւրքիան ամեն գնով կը փորձէ թաքցնել ճշմարտութիւնը 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան մասին: Ես այդ գիտեմ, ես ուսումնասիրեր եմ փաստերը եւ Թիւրքիան կը փորձէ թաքցնել ճշմարտութիւնը»:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան նիւթով տարատեսակ դասակարգուած փաստաթուղթեր քանի մը անգամ հրատարակուեր են WikiLeaks-ի մէջ: Այնտեղ մասնաւորապէս 2016-ի Հոկտեմբերին հրապարակուեր է էլեկտրոնային փոստի մէկ մասը Ջոն Պոդեստայի, որն այն ժամանակ կը գրաւէր ԱՄՆ-ի նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլարի Քլինթոնի ընտրական նստավայրը: Այս գաղտնի էլեկտրոնային հասցէները ցոյց կուտան, որ քննարկուեր է 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն համար ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելու հարցը:
Ասանժը մասնակցեր է նաեւ «Մերժման ճարտարապետները» ֆիլմի նկարահանումներուն: Ֆիլմը կը հետագծէ Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան պատմութիւնը, Թիւրքիոյ կողմէ անոր ժխտումը, եւ ետ կը նայի 1988-ին Ատրպէջանի մէջ հայերու դէմ իրականացուած կոտորածին, 2016-ին Ատրպէյջանի յարձակումներուն հայկական գիւղերուն դէմ, 2016-ին՝ Թալիշի ոչնչացումով, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի դիրքորոշման վրայ՝ որ ժխտեց կատարուածի ցեղասպանութիւն ըլլալը: