Նոր կորոնավարակի կանխարգիլման միջոցառումներու շրջանակներուն մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը շրջաններ կը գտնուին կարանտինի տակ: Քաղաքներն ու պատմական վայրերը պարուրուեր են լռութեան քօղին տակ: Քաղաքակրթութիւններու բնօրրան Խարբերդի ամրոցը, որ միշտ լեցուն եղած է այցելուներով, այժմ դատարկ է:
Սեբաստիա, Կարս, Վան, Սեւ Ծովեան ափամերձ շրջաններ, Մարդին, Երզնկայ,Դերսիմ, Եոզգաթ, ահա այն շրջանները՝ որոնց գիւղերն ու քաղաքները կը գտնուին կարանտինի մէջ: Ամենուրեք լռութիւն կը տիրէ:
Նշուած վայրերէն ներս եւ ամենուր բնակչութեան շրջանանակներուն մէջ կը տարուին առողջապահական ստուգումներ, կը կատարուին ախտահանման աշխատանքներ: