Մեր կայքէն կրնաք դիտել Կարապետ Խաչոյի մասին ֆիլմը։
Անոր ծննդեան թիւը յայտնի չէ բայց հաւանաբար ծներ է 1903-1908 թուականներու միջակայքին: Անոր մայրն ու հայրը սպաննուեր են իր, քոյրերուն եւ եղբայրներուն առջեւ: Աբրահամ եղբօրն ու Մանուշակ քրոջ հետ ապաստաներ է քրդաբնակ բնակավայրեր։ 15 տարի ծառայեր է ֆրանսական բանակէն ներս։
Ամուսնացեր է Եւա Ազիզեանին հետ եւ բնակեր է Սուրիական Ղամիշլի քաղաք, զբաղեր է քրդական երաժշտութեամբ՝ քաջածանօթ ըլլալով քրդերէնին։ 1946 թ․-ին ներգաղթեր է Հայաստան ու հաստատուեր է Երեւան։ Երկար տարիներ թղթակցեր է Երեւանի ռադիոյի քրդական հաղորդումներու բաժնին՝ երգելով քրդական երաժշտութիւն։ Մեծ համբաւ վայելեր է քիւրդ ժողովրդին մօտ՝ երգելով հարիւրաւոր երգեր։