Բանաստեղծ եւ պետական գործիչ Ռզա Թեւֆիկի 1926-ին տեղի ունեցած այբուբենի քննարկումներուն ժամանակ հնչեցուցած հակընդդէմ ելոյթը հնարաւորութիւն տուաւ քննարկման’ այլ տեսանկիւնէ դիտելու: Ի՞սկապէս հայերէն այբուբենը ամենայարմար այբուբենն էր թուրքերէնի համար:
Օսմանեան ժամանակաշրջանի բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ Ռզա Թեւֆիկը, ով նաեւ Էդիրնէի պատգամաւորն էր, «Նոր թրքական տառերու ընդունման եւ կիրառման մասին օրէնքի» քննարկման ժամանակաշրջանին մէջտեղ բերեր էր պնդումներ, որոնք այժմ ալ դեռ կը շարունակուին քննարկուիլ:
Եթէ խօսքը իրական թրքերէն լեզուին կը վերաբերի, ապա աւելի յարմար է լատինական այբուբենի փոխարէն օգտագործել հայկականը
Ռզա Թեւֆիկը 1926-ին Սաբիհ Շեւկեթին գրած նամակով կը յայտնէ, որ գրաւոր թրքերէնի արտայայտման համար առաւել յարմար տառերը հայերէն տառերն են: Ռզա Թեւֆիկը սա կ’ըսէ որպէս հակառակութիւն այն փաստարկին, որ արաբական տառերուն փոխարէն պէտք է ընդունուին լատինական տառերը: Այլ կերպ ասած, եթէ հարցը իսկապէս արաբական այբուբենով թիւրքերէնի հնչիւններու վատ հնչողութիւնն է, ապա աւելի ճիշտ կ’ըլլայ վերցնել հայերէն այբուբենը, քանի որ ան լաւագոյնս կը ներկայացնէ թիւրքերէնի հնչիւնները:
Արդեօ՞ք նպատակը արաբական այբուբենէն ազատուիլն էր։
1928-ին ընդունուեցաւ «Նոր թիւրքական տառերու ընդունման եւ կիրառման մասին օրէնք», ըստ որուն՝ արաբական այբուբենէն անցում կատարուեցաւ լատինական այբուբենին:
Արդեօ՞ք ատոր նպատակը թիւրքերէնը իսկապէս լաւագոյն տարբերակով ներկայացնելն էր, թէ՞ այդ քայլը արաբական այբուբենէն ազատուելու ջանք էր: Այս հարցը դեռ կը մնայ հետաքրքրութեան առարկայ …
Ռզա Թեւֆիկը, ով 1934 թուականէն անուանուեր է Ռզա Թեւֆիկ Բէօլուկբաշ, ծնած է 1869-ին եւ մահացեր է 1949-ի Դեկտեմբեր 31-ին, ան եղեր է թիւրք փիլիսոփայ, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ, Բեքթաշի կրօնական աղանդի անդամ: Յայտնի է, որ Սեւրի պայմանագիրի օսմանեան կողմի ստորագրողներէն մէկն էր: