Հնագէտներուն կողմէ կատարուած յայտնագործութիւնը ցոյց կուտայ, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Պորտասար հնագոյն կառոյցը աւելի բարդ կառուցուածք ունի, քան կը մտածէին նախկին ժամանակ, եւ որ այնտեղ կիրառուեր է պլանաւորման այնպիսի բարդ միջոց, որուն մասին տուեալ ժամանակին մէջ անհնար է երեւակայել:
Պորտասարի երեք ամենահին քարէ պահոցներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները պարզեր են, որ այդ կառոյցներու ամբողջ ճարտարապետական նախագիծի հիմքին թաքնուած են երկրաչափական նախշեր, յատկապէս ՝ հաւասարակողմ եռանկիւնի: Այդ ցոյց կուտայ, որ կառուցուածքը, որ բաղկացած է երեք պաhոցներէ, նախագծուած է որպէս մէկ միաւոր եւ հաւանաբար կառուցուեր է միաժամանակ:
Փաստօրէն կը բացայայտուի, որ Պորտասարը կառուցողները հասկցեր են երկրաչափական սկզբունքները՝ անիւի գիւտէն հազարաւոր տարիներ առաջ, եւ կրցեր են այդ սկզբունքները կիրառել շինարարութեան նախագիծին: