Ազգությամբ հայ ռեժիսոր Ռուբէն Գինէյի «Անդին: Հայոց ճանապարհորդութեան տարեգրութիւն» ֆիլմն օրեր առաջ վերջապէս հասանելի դարձաւ նաեւ համացանցով:

2011թ.-ին մեկնարկած եւ 3 տարի տեւած նկարահանումներուն որպէս արդիւնք ֆիլմի հեղինակը հանդիսատեսին կը տեղափոխէ դեռ չբացայայտուած աշխարհ, եւ միասին ճամփորդելով կ’օգնէ բացայայտելու հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու եւ Մետաքսի ճանապարհի այլ երկիրներու հետ կապերոի պատմական անցեալը:

Ֆիլմն ինքնին պատմական արժէք է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Չինաստանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներուն համար, քանի որ նկարահանումներուն ընթացքին բազում գտածոներ  յայտնաբերուեր են: Գտնուեր են կորած համարուող փաստաթուղթեր (Չինաստանի 19-րդ դարու հայկական համայնքի կանոնադրութիւն), բացայայտուեր է 700 տարուայ հնութիւն ունեցող հայկական տառերով յայտնի Պանտուսովեան քարի գտնուելու վայրը, Գիւմրիի մէջ գտնուեր է չինական Ցին հարստութեան գաւաթը, առաջին անգամ ցուցադրուեր է չինական Աստուածաշունչի հեղինակ Յոհաննէս Լասարի կենսագրութիւնը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ վերականգնուեր է նաեւ Դուին քաղաքի տեսքը 3D պատկերով:

6 տարուան ընթացքին ֆիլմը հայ հանդիսատեսին համար դեռ կը մնար չբացայայտուած, մինչդեռ աշխարհի տասնեակ ազգեր կը շարունակէին նորովի բացայայտել Հայաստանն ու հայոց պատմութիւնը:Վերջապէս ան հասանելի է նաեւ հայ հանդիսատեսին ։Ֆիլմը կրնաք դիտել հետեւեալ յղումով․