Արեւմտեան Հայաստանի Մերսին նահանգի Տավրոս լեռան ստորոտին գտնուող քարանձաւին մէջ  յայտնաբերուեր են ձեռքի հետքեր։ Անոնք   յայտնաբերուեր էին պատահական ճանապարհորդի կողմէ եւ լոյս կը սփռեն նեոլիթեան ժամանակաշրջանի պատմութեան վրայ:

Քաղաքացին անմիջապէս լուսանկարեր էր որմնանկարները:

Ահազանգի հետքերով փորձագետները մեկներ են  տարածք եւ սկսեր են յայտնաբերման եւ ուսումնասիրութեան աշխատանքներ կատարել։

5 տարուայ ուսումնասիրութեան ընթացքին, 60 մ խորութեան վրայ 7 քարանձաւներուն մէջ արձանագրուեր են նեոլիթեան ժամանակաշրջանի՝ թիւով 60 ձեռնահետքեր:

Փորձագետներն կըսեն․«Մենք կը գնահատենք, որ այս  վայրը 5000-էն 11000 տարի ընդգրկող նեոլիթեան ժամանակաշրջանին կը պատկանի»:

Հնագետները կը ցանկանան պաշտպանել այս ձեռնահետքերը եւ տարածքը վերածել ազգային պարկի: