Քանոնահարուհի Մարիաննա Գեւորգեանը համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատոնին յաղթանակ գրանցեր է՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։
Այս մասին Մարիաննան գրեր է «Ֆեյսբուք»-ի իր էջին։
Օնլայն հարթակին անցկացուող այս մրցոյթին մասնակցութեան Մարիաննան ներկայացուցեր էր ազգային նուագարան քանոնը՝ կատարելով Սայաթ-Նովայի «Էշխեմեդ» ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը տեւած էր մէկ ամիս: Մրցոյթին մասնակցեր էր 115 երկրի ներկայացուցիչ, բայց կիսաեզրափակիչ փուլ անցեր էր 180-ը` 60 երկրէն: Անոնց հետ եղեր են նուագախումբեր, երգչախումբեր, անհատ կատարողներ:
Մարիաննա Գեւորգեանը սորուած է եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական կոնսերուատորիան, հանրապետական, միջազգային մրցոյթ-փառատոններու ոսկէ մեդալակիր է: Կաշխատի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժտութեան համոյթին մէջ։ (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ս. Երկանեան):