Նեւշեհիր նահանգի Աշաղըբարաք գիւղին մէջ գտնուող մզկիթը որպէս իւրօրինակ կառոյց ներառուեր է Թուրքիայի մշակութային ժառանգութեան ցանկին։
Habertürk–ի փոխանցմամբ՝ Նեւշեհիրի Աշաղըբարաք գիւղի մզկիթը դեռեւս 1850–ականներուն կառուցուեր է հայ ճարտարապետի նախագիծով եւ նման մզկիթ Թուրքիոյ մէջ ընդամենը 2 օրինակ կայ։ Եւ քանի որ այն իւրօրինակ ճարտարապետական կառոյց է, ընդգրկուեր է մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Աշաղըբարաք գիւղի բնակիչներէն 92–ամեայ Նիյազի Քարաջան պատմեր է, որ այս մզկիթը կառուցելու համար իրենց գիւղացիները հրաւիրեր են Քեքլիք անունով վարպետի մը, որն ալ ըսեր է, թէ լաւագոյն մզկիթը կարող են նախագծել հայ ճարտարապետները։ «Այն ժամանակ հայերը Նեւշեհիրի մէջ կը կառուցէին թէ եկեղեցիներ, թէ մզկիթներ։ Հայ ճարտարապետը եկաւ եւ նախագծեց մեր մզկիթը»,–պատմեր է Նիյազի Քարաջան։