Asbarez.com կայքին իր հեղինակային հոդուածին մէջ Շանթ Ջարչաֆջեանը տեղեկացուցած է , որ իր բողոքի արդիւնքին յայտնի Ամազոն ընկերութիւնը կայքէն հեռացուցած  է Հայերու դէմ իրակործուած ցեղասպանութիւնը ժխտող  գիրք մը։

Չնայած «Amazon» ընկերութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած, սակայն Ջարչաֆջեանը նշած է, որ իրեն Ջեֆ Բեզոսի անունէն իր բողոքին ի պատասխան էլեկտրոնային նամակ ուղարկուած է։

Շանթ Ջարչաֆջեանն Ամազոն ընկերութեանը գրած էր, որ կայքին Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ փնտրելու ընթացքին հանդիպած է ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրքերու։ Ան իր նամակին մէջ յոյս յայտներ էր, որ ընկերութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած սկզբունքներուն ու անհրաժեշտ քայլեր կիրականացնէ այս ուղղութեամբ։

Պատասխան նամակին ընկերութիւնը շնորհակալութիւն  յայտնած է Շանթ Ջարչաֆջեանին իրենց ուշադրութիւնը այդ հանգամանքի վրայ հրաւիրելու համար եւ տեղեկացուցած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն. Մեծ սուտը» վերնագիրով գիրքը հեռացուած է կայքէն: