«Ճորոխի էկոտուրիզմ» նախագիծով կառուցուող 52-կիլոմետր ճանապարհով զբոսաշրջիկները հնարաւորութիւն կունենան վայելելու Արտուինի բնական գեղեցկութիւնները:
Ծրագրի շրջանակներուն կը շարունակուին աշխատանքները, որոնց արդիւնքին 52 կիլոմետր երթուղիի վրայ կստեղծուին քայլուղի, անտառային ճանապարհ, 4 տարբեր վազքուղի, հիմնանորոգուած գիւղական ճանապարհ եւ հեծանիւավազքի ուղի:
Մեծ ցանկութիւն կայ, որպէսզի ողջ երկայնքով ստեղծուող քայլուղիները, փայտէ կամուրջները, աղբիւրները, նստարանները, սեղանները, դիտահարթակները, ծառերու, բոյսերու եւ կենդանիներու տեսակները հակիրճ ներկայացնող ցուցատախտակները հնարաւորինս գրաւիչ ձեւով ներկայացուին զբոսաշրջիկներուն:
Նախագիծի շնորհիւ հովիտին յայտնաբերուեր են դեռեւս չի բացայայտուած այնպիսի գեղատեսիլ վայրեր, որոնց մասին նոյնիսկ տեղաբնակները չեն գիտեր: Անոնցնմէ մէկն ալ մոտ 30 մետր բարձրութիւն ունեցող Օրմանլը ջրվեժն է: Նախկին ժամանակ ոչ ոք տեղեակ չէր այս ջրվեժի մասին: