ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի աւերակներուն մէջ սկսեր են 2020 թուականի պեղումները։
Պեղումները, որոնց մասնակցեր են բազմաթիւ հնագետներ, ճարտարապետներ, մարդաբաններ եւ յատկապէս` արուեստի պատմութեան մասնագետներ, բաժնուեր են 3 փուլերու` շրջակայ միջավայրի բարեկարգման եւ մաքրման աշխատանքներու:
Այս տարուայ աշխատանքը կը շարունակուի 5 տարբեր տարածքներու մէջ:
Պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուեր են միջնադարեան շրջանին տարածքին մէջ բնակուող որոշ քաղաքակրթութիւններու պատկանող կերամիկական իրեր եւ մետաղադրամներ:
Հուլիսի 6-ին սկսած պեղումները կը շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբերի 10-ը: