Պատմական մայրաքաղաք Անին, որմէ այսոր միայն մնացեր են Ախուրեանի արեւմտեան ափին փռուած աւերակներն , որոշ այցելուներու անփոյթ ու անխնայ վերաբերմունքի զոհ դարձած է։
2016թ․ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի պատմական շինութիւններէն մնացած պատերն այսոր այցելուներու կողմէ անխնայ կը ներկուին ու փորագրուին։
Այս ամենը հարուցեր է շարք մը սրտացաւ այցելուներու զայրոյթը, ովքեր պահանջեր են մաքրել բոլոր գրառումներն ու աւելի խնամքով վերաբերուիլ պատմական այս կառոյցներուն։