«Այս քայլով Թուրքիան Մոսկուայի հետ մրցակցութեան երրորդ ճակատը կը բանայ` Սուրիայէն եւ Լիբիայէն ետք», – կը գրէ The Guardian-ը:
Թուրքիան սուրիացի գրոհայիններուն ուղարկած է Ատրպէյճան` աջակցելու Բաքուին՝ հայերու դէմ սկսուած բախումներուն, կը հաղորդէ Reuters-ը: Այդ մասին հեղինակաւոր գործակալութեանն փոխանցեր են իրենք` Ատրպէյճան ուղեւորուող զինեալները: Reuters-ին մասնաւորապէս յաջողուեր է խօսիլ անոնցմէ երկուքի հետ, ովքեր անանուն մնալու պայմանով պնդեր են` թէ կը մեկնին հանուն փողի: Զինեալները պատմեր են, որ իրենց նման շատ-շատերը համաձայնած են այդ պայմաններուն։
Ատրպէյճանը դեռ նոր տարածած էր հերքումը, երբ նոյն նոյթով հոդուած հրապարակեց արեւմտեան մէկ այլ հեղինակաւոր լրատուամիջոց` բրիտանական The Guardian-ը: Հոդուածի հեղինակը պարբերականի ստամպուլեան թղթակիցն է, ով տեղեկութիւնները ստացեր է առաջին ձեռքէն` սուրիացի երեք գրոհայիններէն, ովքեր խոստովանած են, որ պայմանագիր ստորագրած են թուրքական մասնաւոր ընկերութեան հետ` Ատրպէյճանի մէջ որպէս սահմանապահ աշխատելու համար: