Արցախի նախագահ Արայիկ Հարութունեանը կոչով դիմեր է արցախահայ զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Հանրապետութիւնէն դուրս:
«Սիրելի ՛ ընկերներ
Մեր Հայրենիքն այսոր առաւել, քան երբեւէ բոլորիս պաշտպանութեան կարիքն ունի: Ձեր օջախները, պապերու գերեզմանները, ձեր զաւակներու ապագան անպաշտպան ձգելու բարոյական իրաւունք չունիք: Եթէ որեւէ մէկդ կը մտածեք, որ Արցախէն դուրս կարող եք ապահով ապրելու եւ արարելու համար արժանապատիւ կեանք գտնել ձեզ եւ ձեր ընտանիքներու համար, չարաչար կը սխալուիք:
Մենք պատմականօրէն բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցեր ենք ազատ եւ անկախ պետականութիւն ունենալու, որու համար մէկ անգամ արդեն մեծ գինով վճարած ենք: Սա մեր վերջին ճակատամարտն է, որն իրաւունք չունինք զիջելու, որտեղ դասալքութիւնը հաւասարազոր է դավաճանութեան: Այստեղ տերը մենք ենք եւ իրաւունք չունինք ոսոխին ներս թողնելու եւ թոյլ տալու, որ ան պղծի մեր սրբութիւնները:
Ուրեմն, ձեզ կը դիմեմ. շտապե՛ք միանալ ձեր եղբայրներուն:
Ե՛տ դարձեք, քանի դեռ ուշ չէ, քանի որ բոլորիդ արարքները կը գնահատեն ժողովուրդն ու պատմութիւնը: Անեծքի փոխարեն՝ ընտրեք օրհնութեան ճանապարհը:
Արցախը սպասում է բոլորիդ»,- գրել է նա: