Հայկական միասնական տեղեկատուական կենտրոնին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ներկայ էր նաեւ ԵՊՀ պատմութեան ֆակուլտետի ուսանող Միքայել Միքայելեանը, ով արդեն մէկ ամիս է կամաւոր է ռազմաճակատ՝ մասնակցելու մարտական գործողութիւններուն։

«Մասնկացեր են հարաւային ուղղութեամբ ընթացող մարտական գործողութիւններուն։ Ճիշտ է, պատերազմը շատ դաժան է, բայց հայոց բանակը կը կարողանայ փայլուն յաղթանակներ տանել։ Ես զինուորագրուեր եմ, որովհետեւ ըլլալով պատմաբան, կը գիտակցիմ, թէ ինչ տեղի կունենայ, ինչ ողբերգական աւարտ կունենայ, երբ հայ ժողովուրդը դուրս չի գար թշնամու դէմ»,- ըսաւ ան։

«Ես ունիմ մէկ հարց՝ ի՞նչու 1915 թուականին ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան։ Պատճառը մէկն էր՝ մենք չունէինք պետութիւն, չունէինք բանակ»,- իր հարցին պատասխանեց կամաւորական Միքայել Միքայելեանը։

Ահա թէ ինչու  այսոր այդքան կարեւոր է Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան կայացման եւ հզորացման հրամայականը,ազգովին ըլլալ  համախմբուած  եւ միասնական՝  Արեւմտեան Հայաստանի կառուցման գործին։