
Մակրոնը եւ Փաշինեանը քննարկեր են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Այս մասին յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն:
Զրուցակիցները քննարկեր են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երկու կողմը ընդգծեր է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքներու լիարժէք վերականգնման կարեւորութիւնը: Քննարկուեր է վերջին շաբաթներու ընթացքին իրենց տուները լքած տասնեակ հազարաւոր մարդկանց անխափան եւ անվտանգ վերադարձի ապահովման հարցը եւ նշուեր է Արցախի կրոնական եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը:
Կարեւորուեր է տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան պահպանումն ու իրավիճակի հետագայ լիցքաթափումը:
Այդ առումով ՀՀ վարչապետը նշեր է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հիմնարար նշանակութիւնը: