
Ֆրանսիան կրկին կը փորձէ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:Այս վերնագիրով հոդուած հրապարակեր է Le Monde-ի լրագրող Պյոտր Սմոլեարը:
Հոդուածի մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Սեպտեմբերի վերջին 25 տարուայ անյաջող դիւանագիտութիւնէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հանկարծակի բռնկուեց: Հայերու եւ ատրպէյճանցիներու վեց շաբաթ բախումներէն ետք Երեւանը ստիպուած եղաւ հանձնուիլ: Նոյեմբերի 9-ին Ռուսաստանի հովանիի ներքոյ կնքուեցաւ կրակի դադարեցման փաստաթուղթ: Զէնքերը լռած են, բայց ոչինչ լուծուած չէ: Այնպէս որ, դիւանագետները եւս անցեր են գործի՝ վերականգնելով նախկին ժամանակ ձախողուած նոյն ձեւաչափը ՝ Մինսքի խումբը:
Փարիզն կընդգծէ, որ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնը չի նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ խնդիրի կարգաւորմանը: Ֆրանսիան, որը քանի մը ամիս կը դատապարտէ Անկարայի բռնի հարձակումները տարբեր ճգնաժամային գոտիներուն, չի կարող դրական գնահատել այս գաղափարը եւ կը քննարկէ հրադադարի ռեժիմը վերահսկելու այլ բանաձեւեր:
Ամբողջական հոդուածը հասանելի է հետեւեալ հղումով․
https://news.am/arm/news/615412.html