
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հակաականային միջազգային կենտրոնի զինծառայողները կը շարունակեն ինժեներական հետախուզութեան եւ տեղանքի ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ կոնտինգենտի պատասխանատւութեան գոտիին:
ինչպէս յայտներ է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ռուսական ինժեներային հետախուզութեան ստորաբաժանումները կիրականացնեն ականազերծման աշխատանքներ խաղաղապահ դիտակէտերու միջեւ եղած տարածքներուն, բնակավայրերու եւ սոցիալական ենթակառուցուածքներու մոտակայքին:
Կենտրոնի մասնագետներու կողմէ իրականացուեր է ինժեներական հետախուզութիւն եւ պայթիւնավտանգ առարկաներու հեռացով Շուշի-Լիսագոր ճանապարհին՝ շուրջ 3 կիլոմետր հատուածը:
Մէկ օրուայ ընթացքին յայտնաբերուեր է աւելի քան 100 պայթիւնավտանգ առարկայ, որոնք տեղափոխուեր են հատուկ սարքաւորումներով հագեցած զորավարժարան եւ ոչնչացուեր են: