
Թուրքիան կակնկալէ բարելաւել հարաբերութիւնները ՆԱՏՕ-ի գործընկերներու հետ սերտացնելով հարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Ջոզեֆ Պայտենի վարչակազմի հետ:
Ըստ Bloomberg գործակալութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի գլխաւորութեամբ, մտադիր են վերանայել երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը, որուն կարող են դրդել մի քանի գործոններ:
Առաջինը՝ ԵՄ-ի հետ վերջին շրջանին շեշտակի վատթարացած հարաբերութիւնները, Երկրորդը՝ Սուրիայի եւ Լիբիայի մէջ ՌԴ-ի հետ տարաձայնութիւնները, եւ Երրորդը Թուրքիայի «ներխուժումը» Կովկաս, բացայայտ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին․
Գործակալութեան աղբիւրներու համաձայն, Էրդողանը յոյս ունի, որ «Պայտենի հաւատը միջպետական հարաբերութիւններուն եւ անդրատլանտեան կապերու նկատմամբ» կօգնէ Թուրքիային բարելաւել հարաբերութիւնները ՆԱՏՕ-ի գործընկերներու հետ: