
Թուրքիան դէմ հանդէս կուգայ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի սկզբունքներուն եւ գործունէութեանը՝ այդպիսով պառակտելով դաշինքի միասնութիւնը: Այս մասին ՆԱՏՕ-ի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման ժամանակ յայտարարեր է ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Պոմպէոն, կը հաղորդէ Athens News Agency-ն՝ վկայակոչելով յունական դիւանագիտական աղբիւրները:
«ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Պոմպէոն ՆԱՏՕ-ի համար անսովոր ելոյթի մէջ նշեր է, որ Թուրքիան դէմ է ՆԱՏՕ-ի սկզբունքներուն եւ գործունէութեանը՝ այդպիսով պառակտելով դաշինքի միասնութիւնը: Մասնաւորապէս, Պոմպէոն մատնանշեր է Թուրքիայի սադրանքներն Արեւելեան Միջերկրական ծովին, Լիպիայի, Սուրիայի եւ Արցախի մէջ»,- կըսուի հաղորդագրութեան մէջ, կը փոխանցէ ՏԱՍՍ-ը: