
Թուրքիան վարձկաններու լրացուցիչ խումբ կուղարկէ Լիբիա՝ չնայած երկրի քաղաքացիական պատերազմին իրար հակառակորդ երկու խմբակցութիւններու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեանը, որով կոչ կ՛ընէ Անկարային դուրս բերել վարձկաններուն:
Այս մասին յայտներ է Tert.am-ը:
Լիբիայի ազգային բանակը, որը կենթարկուի գեներալ Խալիֆա Հաֆթարին, եւ Թուրքիայի ու ՄԱԿ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը Լիբիայի մէջ իշխանութեան համար կը պայքարին 2014 թուականէն ի վեր:
Երկու կողմերը հրադադարի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Հոկտեմբերին Ժնեւի մէջ՝ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ: Համաձայնագիրի կէտերէն մէկը կենթադրէր «բոլոր ռազմական միաւորումներու եւ զինուած խմբաւորումներու դուրսբերում ռազմաճակատէն, ինչպէս նաեւ վարձականներու եւ օտարերկրեայ գրոհայիններու հեռացում երկիրէն»:
Այնուամենայիւ, Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կենտրոնը յայտներ է, որ Թուրքիան կը պատրաստուի Սուրիայէն աւելի շատ վարձկաններու ուղարկել Լիբիա յաջորդ շաբաթ:
Կենտրոնի տուեալներով՝ Նոյեմբերին արդեն Թուրքիան 18 000 սուրիացի եւ 2500 թունիսցի վարձկանների ուղարկած էր Լիբիա: