
«Շուտով Արցախ կը գտնուի ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի ներկայացուցիչներու խումբը, որու հետ եւս մշտադիտարկման կենթարկուինք թշնամիի վերահսկողութեան տակ յայտնուած յուշարձանները
ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան մէջ հաշուառուած են բոլոր այն յուշարձանները, որոնք կը գտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ:
Այս մասին «Արցախպրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը:
Անոր խօսքով՝ պատերազմի ընթացքին տարհանուեր են Ստեփանակերտի պատմաերկրագիտական թանգարանի, Տիգրանակերտի պատմամշակութային արգելոցի, Կերենի դամբարանադաշտի ցուցանմուշները եւ Շուշիի գորգերու թանգարանի լաւագոյն հաւաքածուն եւ Բերձորի պատմաերկրագիտական թանգարանի նմուշները:
Չեն տարհանուած Շուշիի պատկերասրահի մշակութային ժառանգութիւնը, Գրիգորի Գաբրիելեանցի անուան երկրաբանութեան պետական թանգարանի քարերու լաւագոյն հաւաքածուն, որը կը պարունակէր միջազգային մշակութային արժէք ներկայացնող նիւթեր եւ Շուշիի պատմութեան թանգարանի արժէքները:
Մշակութային ժառանգութեան կարեւոր նմուշներ մնացած են նաեւ Հադրութի շրջանին: