
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Խծաբերդ-Հին թաղեր հատուածին մէջ կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ պաշտպանութեան բանակը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է:
«Տարբեր լրատուամիջոցներով կը շարունակեն հակասական տեղեկութիւններ տարածուիլ Խծաբերդ-Հին Թաղեր հատուածին մէջ անյայտ կորսուած հայ զինուորներու մասին: Մասնաւորապէս, կը շրջանառուի մինչեւ 171 հայ զինուորի մասին տեղեկութիւն, ինչ որ չի համապատասխաներ իրականութեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նշուած ուղղութիւններուն մէջ տակաւին կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր: Դէպքի առաջին իսկ ժամերէն, ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ, կը տարուին անյետաձգելի աշխատանքներ մեր զինուորներուն ճակատագիրները արագ պարզելու ուղղութեամբ:
Աւելցնենք, որ խնդիրը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու եւ անհրաժեշտ գործողութիւններու ձեռնարկելու նպատակով Արցախի Հանրապետութիւն մեկնած է նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեան:
Հանրութեան պարբերաբար տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի իրականացուող քայլերուն եւ անոնց արդիւնքներուն վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։