
2020 թուականի Դեկտեմբերի 17-ին Պրիուսելի մէջ կայացեր է Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ նիստը։
Ինչպէս «Արմենփրես»-ին յայտնեցին ՀՀ-ի մէջ ԵՄ գրասենեակէն, այն նախագահեր է Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ջուզեպ Պորելը։ Հայկական պատուիրակութիւնը ղեկավարած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արա Այվազեանը։
Քննարկուեր են ԵՄ-Հայաստան հարաբերութիւններու կարեւոր թեմատիկ ուղղութիւններ: ԵՄ-ն վերահաստատեր է իր շարունակական լիակատար հանձնառութիւնը համատեղ օրակարգին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտներ է աջակցելու Հայաստանին բարեփոխումներու ճանապարհին առկայ մարտահրաւերները յաղթահարելու գործով:
ԵՄ-ը եւ Հայաստանը քննարկեր են նաեւ իրավիճակը Արցախի մէջ եւ անոր շրջակայքին 2020թ. Նոյեմբերի 10-ին ռազմական գործողութիւններու դադարեցումէն ետք:
ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի նիստը կայացաւ ԵՄ-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդի հանդիպման նախօրդ օրը: Հանդիպումները կը վերահաստատեն տարածաշրջանի երկիրներու հետ ԵՄ գործընկերութեան կարեւորութիւնը եւ ԵՄ-ն աջակցութիւնը տարածաշրջանի վերականգնման եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման գործին»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: