
Ինչպէս կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ-ն՝ Ստեփանակերտի մէջ աւարտին հասած է ռուս խաղաղապահներու համար բլոկ-մոդուլային քաղաքի շինարարութիւնը:
«Արցախի մէջ աւարտած է բլոկ-մոդուլային քաղաքի շինարարութիւնը՝ Ստեփանակերտի մէջ 250 ռուսական խաղաղապահ զորակազմի զինծառայողներու տեղակայման համար։ Այս պահին մենք կը մոտենանք ինժեներական սարքաւորումներու շահագործման մեկնարկի աշխատանքներու աւարտին»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ բլոկ-մոդուլային քաղաքը կը ներառէ բնակելի մոդուլներ, մարզասրահ, բուժկէտ, ժամանցի սենեակ, շտապ եւ գրասենեակ, մառան, ճաշարան, խոհանոց, սնունդի պահեստ, սանիտարական մոդուլներ, զէնքի եւ ինժեներական սարքաւորումներու պահպանման սենեակ եւ այլն։