
Կոստանդնուպոլիսի Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանի շրջակայքին հնագիտական պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուեր է դամբարանային կառոյց: Հնէաբանները կը փորձեն լուծել կառոյցի եւ ճարտարապետութեան առեղծուածը, որը ենթադրաբար սրբազան վայր եղած է:
Այս յայտնագործութիւնները հատկապէս լոյս կը սփռեն Քաղկեդոնիայի պատմութեան վրայ:
Պեղումները վարող հնէաբանները նշած են. «Չիկայ որեւէ մինչ այդ յայտնի համալիր-կառոյց, որը չըլլայ եկեղեցի, ունենայ կիսաշրջանի ձեւ եւ պարունակէ զանգուածային գերեզմաններ: Կառոյցի հատակը ծածկուած է մարմարէ սալիկներով, որոնք շարուած են շատ մանրակրկիտ եւ ուղիղ: Մենք անոր շուրջ գտեր ենք նաեւ զանգուածային գերեզմաններ: Այս ամենը կստիպէ մեզ մտածել, որ այս վայրը սրբավայր է եւ օգտագործուած է կրոնական նպատակներով»:
Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած գրեթէ 18 հազար հատ մետաղադրամը տեղեկութիւն կը հաղորդէ Քաղկեդոնիայի՝ մ.թ.ա. 7-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը հասած պատմութեան մասին: Առաջին անգամն է, որ համակարգուած հնագիտական պեղումներուն յայտնաբերուեր են դասական ժամանակաշրջանին պատկանող քաղկեդոնական մետաղադրամներ: