
Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ուղերձ հղերէ Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական իշխանութիւններուն։ Մասնաւորապէս ըսած է․
Սգոյ օրեր, թէ՞ ազգային տուրք անմահներու համար
«Մենք կսպասէինք ազգային եւ ռազմական հարգանքի տուրք `ի յիշատակ Արցախի սրբազան երկրի Պատւոյ դաշտին մէջ ինկած զինուորներուն, որոնց գերեզմաններու մէկ մասը կը գտնուի Երեւանի Եռաբլուր գերեզմանատանը (Հերոսներու գերեզմանատուն):
Մենք տեսած ենք ՀՀ իշխանութիւններու (Արեւելեան) քաղաքական երթ, որը չի արտացոլեր այդ զինուորներու մարտական գործողութիւնները հայկական տարածքներու եւ հայ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան համար:
Մենք ՝ Արեւմտեան Հայաստանի զինուորականներս ու ազատամարտիկներս, կը յիշեցնենք, որ մեր զինուած ուժերու պատւոյ ծածկագիրին համապատասխան, անհրաժեշտ է հնարաւորինս շուտ կազմակերպել արարողութիւն, որը արժանի է մեր զինուորներու մահուան դէմ պայքարին»: