
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հաշուարկներով` Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով մինչեւ 40 հազար արցախցի մնացեր է անօթեւան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Դեկտեմբերի 22-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը:
«Մեր հաշուարկներով` մինչեւ 40 հազար անձ անօթեւան մնացած է միայն ռազմական գործողութիւններու ու քաղաքական պայմանաւորուածութեան հետեւանքով տարածքները գրաւելու պատճառով: Այդ անձերու զգալի մասն արդեն Արցախի Հանրապետութեան մէջ կը գտնուին »,- ըսաւ Բեգլարեանը:
Ան հաւելեց, որ նշուած անձերու համար առաջին հերթին պէտք է լուծել ժամանակաւոր կացարանի խնդիրը: