
Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտներ է, որ Արցախի տարածքին արդեն վերականգներ են աւելի քան 300 շինութիւն՝ օգտագործելով Ռուսաստանէն որպէս մարդասիրական օգնութիւն առաքուած շինանիւթեր:
«Աշխատանքները կընթանան այժմ աւելի քան 450 շինութիւններու», -կը յայտնեն գերատեսչութիւնէն:
Ներկայ պահին 90 տեղական շինարարական կազմակերպութիւն կը վերանորոգուի եւ կը վերակառուցուի , որոնցմէ 50-էն աւելին կաշխատի Ստեփանակերտի մէջ:
Տեղեկացնենք ,որ Արցախի մէջ Ատրպէյջանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով ահռելի քանակութեամբ քաղաքացիական շինութիւններ աւիրուած կամ վնասուած են։ Մինչեւ այսօր վնասի չափը գնահտուած չէ։