
Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղավնոյի Գարեգին Նժդեհի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ վերականգնուեր է ուսումնական գործընթացը:
Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուց կրթօջախի տնօրեն Պողոս Աղաբեկեանը:
«Պատերազմի ընթացքին հրետակոծութիւններու հետեւանքով վնասուած էին կրթօջախի դուռներն ու պատուհանները: Անոնց փոխարեն տեղադրած ենք նորերը: Արդեն Հունուարի 11-էն ինչպէս արցախեան բոլոր դպրոցները՝ մենք նոյնպէս 7 աշակերտով, նոյնպէս բնականոն հունով սկսեր ենք դասապրոցեսը: Ներկայ պահին ունինք մոտ 20 աշակերտ եւ 8 ուսուցիչ: Մինչեւ պատերազմը մեր դպրոցն կաշխատէր 50 աշակերտէ եւ 17 մանկավարժէ բաղկացած անձնակազմով: Վերադարձող ընտանիքներու հետ աշակերտներու թիւն աստիճանաբար կաճի: Հորդորեր ենք նաեւ միւս ուսուցիչներուն, որպէսզի նոյնպէս վերադառնան եւ անցնին իրենց պարտականութիւններուն: Այժմ դպրոցն ապահոված է անհրաժեշտ գոյքով: Պայմանաւորուածութիւն ունի էլեկտրական տաքացուցիչներ տրամադրելու համար: Գիւղն այժմ ապահոված է կանոնաւոր էլեկտրամատակարարմամբ, համացանցով ու հեռախօսակապով»,- մանրամասնեց Աղավնոյի կրթօջախի տնօրենը: