
Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆայ նահանգին մէջ գտնուող ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառուած Պորտասար պատմական վայրը տեղացած առատ ձիւնի պատճառով պարուրուեր է ճերմակ ծածկոյթով:
Վերջին անգամ Ուրֆայի մէջ ձյիւն տեղացեր էր 2017 թուականին:
12 հազար տարուայ պատմութեամբ «մարդկութեան պատմութեան զրոյական կէտ» համարուող Պորտասարի մէջ ձիւնն սկսեր է տեղալ առաւօտ շուտ:
Չնայած Քովիդ-19 համավարակի պատճառով 2020 թուականին պատմական վայրը փակ մնաց շուրջ 3 ամիս, այնուհանդերձ հիւրընկալեց 197 հազար 912 այցելուի:
Պորտասարը, որը յայտնաբերուած օրէն գրաւեր է ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը, ամեն տարի կը հիւրընկալէ հազարաւոր տեղացի եւ օտարերկրեայ զբոսաշրջիկներու: