
Հնագետները Գահիրէի հարաւ գտնուող Սակարա դամբարանադաշտին մէջ 54 փայտէ սարկոֆագ յայտնաբերեր են, որոնք աւելի քան 3 հազար տարեկան են, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Յայտնաբերուեր է նաեւ Նեյթ թագուհիի հուղարկաւորութեան տաճարը, անոր ամուսնու՝ Եգիպտոսի 6-րդ դինաստիայի թագաւորի Թեթիի բուրգի մոտ․ այն շուրջ 4200 տարուայ վաղեմութիւն ունի։
Հնագիտական առաքելութեան ընթացքին, որը ղեկավարեր է Զահի Հավասը, յայտնաբերուեր են նաեւ խաղեր եւ արձաններ։
«Այդ բոլոր յայտնագործութիւնները պիտի վերաշարադրեն Սակարայի եւ Նոր Թագաւորութեան պատմութիւնը»,- վստահեցուցած է Հավասը:
Աւելի վաղ նոյն վայրէն յայտնաբերուեր էին Հին Եգիպտոսի (մ.թ.ա. 662-332) եւ պտղոմեացիներու (մ.թ.ա. 332-30 թթ.) ուշ շրջանի սարկոֆագներ եւ այլ առարկաներ։