
Արեւմտեան Հայաստանի Վանա լիճի աւազանը, որտեղ բազմատեսակ թռչուններ կը բնակուին, ցուրտ եղանակով պայմանաւորուած հիւրընկալեր է Սիբիրէն եւ հիւսիսային շրջաններէն չված՝ «մաքրութեան եւ ազնվազարմութեան խորհրդանիշ» համարուող երգող կարապներուն: Այդ շրջաններուն մէջ սաստիկ ցուրտ եղանակի պատճառով կենդանիները քաղցած կը մնան եւ ապաստան կը փնտրեն: Այդ պատճառով անոնք կուգան այստեղ:
Վանա լիճի աւազանը, որն իր հսկայական եղեգնուտներով եւ ջրառատ վայրերով կը հիւրընկալէ թռչուններու հարիւրաւոր տեսակներու, ամառը լեցուած է ֆլամինգոներով, իսկ ձմռանը կը զարդարուի երգող կարապներով:
Վան եւ Էրչեկ լիճերու շրջակայքին գտնուող խոնավ տարածքներուն մէջ բազմաթիւ են: Իրենց նրբագեղ պարանոցներով եւ սպիտակ փետուրներով այս երգող կարապները կը լողան լիճի կապոյտ ջուրերուն մէջ եւ տեսողական խնջոյք կը ներկայացնեն այցելուներուն: