
Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ցեղատեսակ գրանցուած եւ հեղինակութիւնը սահմանները հատած Վանա կատուի համար ստեղծուեր է նոյնականացման քարտ, որտեղ նշուած է նաեւ տոհմածառի վերաբերեալ տեղեկութիւն:
Վանա կատուներու նուազող սերունդը պաշտպանելու, բուծման վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու, վերարտադրութիւնը ապահովելու, անոնց գենետիկական հատկութիւնները բացայայտելու եւ ամբողջ աշխարհին Վանա կատուներու ճանաչմանը նպաստելու նպատակով ստեղծուած էր Վանա կատուի հետազոտական կենտրոնը:
Նոյնականացման քարտը ստեղծուեր է «Իւրաքանչիւր տունը մէկ Վանա կատու» նախագիծի շրջանակներուն:
Նոյնականացման քարտին կը պահպանուին Վանա կատուներու անձնական տուեալները, սերտիֆիկատը, տոհմածառի եւ կատուի պատուաստման վերաբերեալ տուեալներ: