
Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուս զինծառայողները պարբերաբար հակաահաբեկչական վարժանքներ կիրականացնեն:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
«Տագնապի ժամանակ գործողութիւններու մշակման ընթացքին խաղաղապահ առաքելութեան անդամները վարժանքներ կիրականացնեն կրակային դիրքերը զբաղեցնելու, ինչպէս նաեւ երթեւեկութիւնը կեցնելու նպատակով` մայրուղիները փակելու ուղղութեամբ»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: