
Թուրքիայի արեւմտեան Քիութահիա նահանգին մէջ աւիրեր են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։
Այս մասին գրառում կատարեր է իրավապաշտպան Արլեթ Նաթալի Ավազեանը։ Ան յայտնի է թուրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով,կը փոխանցէ ermenihaber-ը:
«Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերու մէջ հայերու գոյութիւնն ալ կանտեսէ՞ք»,- գրած է իրավապաշտպանը։
Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուեր է Օսմանեան կայսրութեան Մուրադ սուլթանի օրերուն։ Թէ եւ եկեղեցին 1603թ․ ջալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուեր է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուեր է։ Եկեղեցին ժամանակին ծառայած է նաեւ որպէս հանդիսութիւններու սրահ, ապա՝ ամբողջովին փակուեր է։