
Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ մասնակցեցաւ Արցախեան պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին նուիրուած մոմավառութեան արարողութեանը։
Մոմավառութիւնէն ետք մատուցեցին հոգեհանգիստի պատարագ եւ տեղի ունեցաւ խնկարկում` ի յիշատակ հերոսներու, ովքեր իրենց կեանքը չի խնայեցին հանուն հայրենիքի մղուող մարտին։
Եռաբլուր այցելած էր նաեւ աշխարհահռչակ օպերային երգիչ Վաննո Տադեոն, ով հանդէս եկաւ երաժշտական կատարողութեամբ՝ այն նուիրելով նահատակուած հայորդիներուն։