
Վայրի այծերու թիւը, որոնց Արեւմտեան Հայաստանի Վանի Գիւրփնար գաւառի բնակիչները կը պաշտպանեն որսորդներէն, հասեր է մոտաւորապես 500-ի:
Գիւրփնար գաւառի Չեփքենլի բնակավայրի գիւղացիները աչքի լոյսի պէս կը պահեն ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող վայրի այծերուն:
Նշելով, որ անոնք կապրին նեղ տարածքներուն մէջ, բնակիչներն այսպէս կըսեն. «Մեր խնդիրը հիմնականը որսորդներու հետ է, եւ ոչ մէկ անծանոթի տարածք չենք թողնում: Ձմռան անբարենպաստ պայմաններուն այծերը կեր գտնելու խնդիր ունին: Անցեալ տարի ուղղաթիռներով խոտ բերուեցաւ եւ ապահովեց անոնց կերը։ Այս տարի պատկան մարմիններէն կակնկալենք նման վերաբերմունք»: