
Երեւանի մէջ «Դոմ Մոսկվի» մոսկովեան մշակութագործարարական կենտրոնի (ՄՄԳԿ) նախաձեռնութեամբ տպագրուեր է «Հայերու մասնակցութիւնը Հայրենական մեծ պատերազմին» աշխատութիւնը։ Գիրքը նուիրուած է Մեծ Յաղթանակի 75-ամեակին։
Գիրքի հեղինակներն են Մ․Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի երեւանեան մասնաճիւղի դասախօս պ.գ.դ. Ստեփան Ստեփանեանը (Կերտող) եւ Երեւանի մէջ «Դոմ Մոսկվի» մոսկովեան մշակութագործարարական կենտրոնի գործադիր տնօրեն, տ․գ․թ․ Վահրամ Կարապետեանը:
Մենագրությիւն-գիրքի 17 գլուխներուն մէջ ներկայացուեր է հայ ազգի մասնակցութիւնը Հայրենական մեծ պատերազմի բոլոր ճակատները, այդ թիւին ազգային ռազմական միաւորներուն, պարտիզանական ջոկատներուն, հետախուզական գործուղութիւններուն: Հեղինակները հաւաքագրեր են հայերու մասնակցութիւնը բոլոր ռազմաճակատներուն՝ հիմնուելով ոչ միայն յայտնի փաստերու, այլեւ մինչեւ այժմ գիտական շրջանառութեան մէջ չի տեղադրուած նիւթերու վրայ: Կը ներկայացուի հայերու մասնակցութիւնը Մոսկուայի, Ստալինգրադի, Կուրսկի ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ Ղրիմի եւ խորհրդա-ճապոնական պատերազմին։
Գիրքը հրատարակուեր է Մոսկուա քաղաքի արտաքին տնտեսական եւ միջազգային կապերու դեպարտամենտի աջակցութեամբ։