
Ստեփանակերտի եւ Արցախի մէջ վերահսկողութեան տակ գտնուող շարք մը բնակավայրերուն մէջ նոր բնակելի ֆոնդ ստեղծելու եւ տեղահանուած արցախցիներուն բնակարանով ապահովելու համար Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը նոր նախագիծեր պատուիրած է: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնէն:
«Նախարարութիւնն արդեն էսքիզային նախագիծ ունի Մարտուի շրջանի Վարանտա գիւղին մէջ 100 առանձնատունով բնակելի թաղամասի կառուցման համար: Ասկերանի Աստղաշեն համայնքին մէջ 150 տուն կառուցելու նախագիծի իրագործման համար արդեն իսկ մեկնարկեր են տեղագրական հանոյթի իրականացման աշխատանքներ: Շրջկենտրոն Ասկերանի մէջ նախատեսուած են բազմաբնակարան շէնքերու կառուցման աշխատանքներ՝ 246 բնակարանով, իսկ Մարտունիի մէջ՝ 130: Տեղահանուած արցախցիներուն բնակարանով ապահովելու նպատակով՝ Շահումեանի շրջանի Ակնաբերդ գիւղին մէջ կը կառուցուի մոտ 100 առանձնատուն»,-կը յայտնեն Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնէն: