
Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Ջալալ Հարութունեանը նշանակուեր է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ: Այս մասին «Ազատութեանը» յայտնեցին Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատվութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն։
Ջալալ Հարութունեանը Արցախեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ վիրաւորուած էր։
2020 թուականի Հոկտեմբերի 27-ին Արցախի պաշտպանութեան նախարար եւ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ Միքայել Արզումանեանը։ Յաջորդ օրը Հարութունեանին շնորհուեցաւ Արցախի հերոսի կոչում։
Դեկտեմբերի 4-ին Ջալալ Հարութունեանը դուրս գրուեցաւ հիւանդանոցէն։