
Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆայ նահանգին մէջ գտնուող պատմութեան զրոյական կէտ հանդիսացող Պորտասարի մոտակայքին գտնուեր է մետաղական պլոկ: Անվտանգութեան ուժերը կը հետաքննեն, թէ ովքերու կողմէ տեղադրուեր է մետաղեայ սիւնը, որու վրայ Գիուքթուրքի այբուբենով գրուած է՝ «Եթէ կուզեք լուսինը տեսնել, երկինքին նայեք» գրութիւնը:
3 մետր երկարութեամբ եւ 45 սանտիմետր լայնութեամբ մետաղական պլոկը յայտնաբերուեր է առաւոտեան ժամերուն՝ Պորտասարի մերձակայ դաշտին։
Ահազանգի հիման վրայ դէպքի վայր հասած ոստիկանական ջոկատը նախազգուշական միջոցներ կը ձեռնարկէ շրջակայքին, Մշակոյթի եւ զբոսաշրջութեան նահանգային վարչութեան անձնակամն ալ սկսեր է պլոկի ուսումնասիրութիւնը։