
Կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր քահանայապետ Հռոմի Ֆրանցիսկոս պապը հատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ան յայտարարեր է Սուրբ Աթոռի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կորպուսի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին:
Խօսելով աշխարհի տարբեր կէտերու մէջ քաղաքական իրադրութեան ու ի յայտ եկած անկայունութեան օջախներու մասին՝ Հռոմի Ֆրանցիսկոս պապն անդրադարձեր է հարաւ կովկասեան տարածաշրջանին՝ ըսելով. «Հատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւիմ իրադրութեանը Հարաւային Կովկասի մէջ, որտեղ կը շարունակուին շարք մը հակամարտութիւններ, որոնցմէ մաս մը բռնկուեցան նախորդ տարի՝ խարխլելով ողջ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը»:
Կաթոլիկ աշխարհի քահանայապետը յոյս յայտնած է, որ 2021 թուականին ի վերջոյ կաւարտուի հակամարտութիւնը Սուրիայի մէջ։